Կարս, Օթթաուա — Ես ուրիշ բան կ’ուզէի պատմել

Մեզի ծանօթ մը մամայիս պատմած էր Օթթաուայի մօտ գտնուող Կարս գիւղի մասին:

Ըսած էր որ գիւղը անուանած էին Կարս յիշելով մեր պատմական Հայաստանի քաղաքը որովհետեւ բանակի զօրավար մը սիրահարուած էր մեր Կարսի գեղեցկութեան:

Ի՜նչ անհամբեր էի Կարս երթալու: Ինչքա՜ն ռոմանթիք պատմութիւններ հիւսած էի մտքիս մէջ երեւակայելով գիւղի անցեալը…

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24-ի ցոյցէն վերջ, իմ հոգնած ընկերներուս հետ գացինք Կարսը տեսնելու: Իրենց խաբեցի ըսելով որ մեր տուն վերադարձի ճամբուն վրայ է, բայց հակառակ ուղղութեամբ 35 վայրկեան հեռու էր  հէ հէ հէ…

 

 

 

Առաջին երկվայրկեանէն որ տեսանք Կարս անունը ցուցատախտակներու վրայ, նստած տեղերնէս ուրախութեամբ կը ցատկրտէինք:

Ընկերուհիս մոռցաւ յոգնութիւնը եւ սկսաւ նկարել:

Քշեցինք Րիտօ գետի եզերքը: Շատ բան չի կար տեսնելու՝ մի քանի հին տուներ, դպրոց մը եւ գործարաններ:

Բայց ինչքա՜ն կ’ուրախանայինք տեսնելով Կարս անունը ամէն կողմ:

 


              

 

Անշուշտ պէտք էր աւելի պրպտէի Գանատայի Կարսին մասին:

Թէեւ ՄԵՐ Կարսին հետ կապ մը կար, բայց դժբախտաբար զօրավարին պատմութիւնը գիտնալէս վերջ այլեւս չէի ուզէր պատմել: Նոյնիսկ մտածեցի չի գրել յօդուածս, բայց արդէն Ֆէյսպուքի վրայ ըսած էի որ կ’երթամ Կարս: Կարճի կը կապեմ…

Գիւղը առաջ կը կոչուէր Ուէլինկթըն: Ըստ երեւոյթին, երկու տարբեր տարածք ունէին նոյն անունով եւ այդ պատճառով նամակներ հաճախ սխալ հասցէի կ‘երթային:

1857-ին, գիւղին անունը փոխած են եւ կոչած Կարս, ի յիշատակ զօրավար Ուիլիըմ Ֆէնուիք Ուիլիըմզի: Զօրավար Ուիլիըմզը կը յիշուի Ռուսերու դէմ տարած կռիւին Կարսի պաշտպանութեան համար: Թրքական բանակի հրամանատարն էր… գիւղը Կարս կոչած էին որովհետեւ զօրավարը կը համարուէր Կարսի հերոսը: (Ինծի համար հերոս չէ՜)

Պատմութիւնը իմ երեւակայածս չէր ԲԱՅՑ յիշենք հետեւեալը… ՄԵՐ Կարսի մասին է: Անկախ անոր որ գարտէսի վրայ որ սահմանին կը գտնուի Կարսը, միշտ մնալու է ՄԵՐԸ:

«Կարս, Կարս, Կարս, հայրենի հարս, երբ դու նորից Մայր Հայաստան պիտ’ վերադառնաս…»