թամար փանոսեան

Հայկական Աւանդութիւններ եւ Երգեր

Ո՞վ եմ ես

  • Թամար Փանոսեան շրջանաւարտ է Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանէն, որմէ ետք ան Գոնգորտիա համալսարանէն կը վկայուի արուեստի պաքալորիայով՝ հոգեբանութեան մէջ: Այժմ, ան Allagma Technologies-ի գործադիր մարմնի մաս կը կազմէ միեւնոյն ատեն բաժնեկից է 57Végane հաստատութեան:

    Հայ մշակոյթի հանդէպ իր սէրը զայն մղած է հետեւելու ձայնամարզութեան դասերու, յատկապէս խորանալով հայ ժողովրդական եւ աշուղական երգերու մեկնաբանման ճիւղին մէջ: Թամար իր մասնակցութիւնը բերած է գաղութիս երաժշտական եւ թատերական կեանքին երգով եւ թատերական խաղարկութեամբ:

    Հայ Ժողովրդական երգը ըլլալով իր նախասիրած ճիւղը՝ ան իր ազատ ժամերուն պրպտած ու սորուած է Կոմիտասի հաւաքած երգերը, մասնաւորաբար կեդրոնանալով այն երգերուն վրայ որոնք հայ աւանդական սովորութիւններուն եւ տօնախմբութիւններուն կ’առընչուին:

    Այս աշխատանքի ընթացքին է, որ կ’անդրադառնայ թէ որքան կարիքը ունի ճանչնալու հայ մշակոյթը իր բոլոր երեսներով եւ քանի որ կար նման պահանջք մը այլ հայ երիտասարդներու մօտ եւս, կը ձեռնարկէ իր սորուածները համացանցի ճամբով, տեսերիզներով բաժնեկցիլ իր ընկերներուն հետ: Այսպէս կը ծնի tamarpanossian.com-ը:

    Tamarpanossian.com-ի կը յաջորդէ Թամարի aghpur.com ծրագիրը, որուն նպատակն էր եւ է արտերկրի հայութեան ներկայացնել Հայաստանաբնակ այն արուեստագէտները, որոնք կը շարունակեն ստեղծագործել հայ երաժշտութեան ոճով: Սոյն ծրագրի մէջ Թամար կը ներկայացնէ նոյնպէս Մոնրէալի արուեստագէտներուն գործերը տեղւոյն հայ գաղութին: